2016-11-23 10:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Աստուծոյ ողորմած սրտի դուռը` մեղաւորներուս համար միշտ բաց է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 23 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց ողորմութեան ներգործութիւններու վրայ, յատկապէս ակնարկելով  ''կասկածողները խրատել, ու տգէտներուն սորվեցնել'' ներգործութիւններուն։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօրուայ  ողորմութեան ներգործութիւններու մասին խորհրդածութիւնը կը հայի իրարու զօդուած երկու ներգործութիւններու ''տարակուսողները խրատել, ու տգէտներուն սորվեցնել''։ Գործեր են որոնք կարելի է ապրիլ` ըլլայ պարզ ու ընտանեկան չափանիշով, ըլլայ պաշտօնական ու կազմակերպուած կերպով։ Մտաբերենք թէ որքա՜ն մանուկներ կը տառապին դաստիարակութեան պակասէն։ Անարդարութեան պայման մը որ կը դպչի մարդու նոյնինքն արժանապատուութեան։ Առանց դաստիարակութեան աւելի դիւրաւ թիրախ կը դառնան շահագործումի ու տարբեր ձեւերու` ընկերային անկարգութիւններու։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա թէ ինչպէս եկեղեցին` դառերու հոլովոյթին, կարիքը զգաց յանձնառու ըլլալ կրթական մարզէն ներս­, որովհետեւ անոր աւետարանութեան առաքելութիւնը կը պահանջէ յանձնառում` մարդոց ու յատկապէս ամէնէն աղքատներուն վերադարձնելու իրենց արժանապատուութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ներկայացուց դաստիարակչական ու կրթական մարզէն ներս պատմութեան ընթացքին յանձնառութեամբ գործող եկեղեցականներուն, որոնք իրենց աշխատանքով կարողացան արժանապատուութիւն շնորհել բազմաթիւ անհատներու, ապա հաստատեց թէ կրթական մարզը աւետարանութեան իսկական յատուկ ձեւ է։

''Արդարեւ որքան աւելիով աճի ու տարածուի կրթութիւնը, այնքան աւելի մարդիկ ձեռք կը բերեն գիտելիքներ ու հնարաւոր կը դառնայ յաղթահարել աղքատութիւնը եւ խտրականութիւնը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը, դիտել տալով թէ  ողորմութիւն ցուցաբերել տարակուսողներու նկատմամբ համարժէք է` մեղմացնել վախէն ու անհանգստութենէն յառաջ եկած տառապանքը, որոնք կասկածի հետեւանքներն են։

Առ այդ այս մէկը սիրոյ ներգործութիւն մըն է որով կ՛ուզենք թիկունք կանգնիլ կասկածէ տառապող անձի մը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ յաճախ մեր մէջ եւս տարակոյս կը յառաջանայ մեր հաւատքի մասին, ու թէ այս մէկը նշան է  թէ մենք կ՛ուզենք աւելիով խորացնել Աստուծոյ` Յիսուսի ու մեր նկատմամբ անոր սիրոյ խորհուրդի ճանաչողութիւնը ։ 

Այսու հանդերձ հարկաւոր է յաղթահարել տարակոյսները։ Ասոր համար պէտք է ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը ու հասկնալ անոր ուսուցումը։ ''Այս առընչութեամբ կարեւոր են խորհրդածութիւնները ու յատկապէս հաւաքի ապրումը'', ըսաւ Քահանայապետը յորդորելով հաւատքը չի դարձնել լոկ վերացական տեսութիւն մը, ուր կը բազմապատկուին կասկածները, այլ հաւատքը  դառնալու է  կեանք։ Ջանանք զայն ապրիլ մեր եղբայրներուն ու յատկապէս կարիքաւորներու ծառայութեամբ։ Այն ժամանակ բազմաթիւ կասկածներ կ՛անհետանան­, որովհետեւ կը զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը ու սիրոյ մէջ Աւետարանի ճշմարտութիւնը, որ կը բնակի մեր մէջ եւ որ կը բաժնեկցինք ուրիշներու հետ։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց բոլորը յանձնառութեամբ ապրելու ու ի գործ դնելու Տիրոջ Խօսքը որ կ՛ըսէ թէ Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդը չի յայտնուեցաւ գիտուններուն ու իմաստուններուն` այլ փոքրերուն­, ապա յորդորեց կասկածները փարատելու համար փոխանցել այն վստահութիւնը թէ   Աստուած մեզ կը սիրէ մեծ սիրով, ձրի ու մշտատեւ, որուն մենք եւս կը դառնանք վկաներ, մեր եղբայրներուն ողորմութիւն ցուցաբերելով։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած ուխտաւորներուն, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն մատնանշելով թէ` թէեւ անցեալ կիրակի փակումը կատարուեցաւ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն, Աստուծոյ ողորմած սրտի դուռը սակայն մեզի` մեղաւորներուս համար չէ փակուած, ապա հրաւիրեց շարունակել ողորմածութեան գործեր կատարել յանձնարարելով որ Աստուծոյ սիրոյ ու ներումի փորձառութիւնը զոր ապրեցանք Սուրբ տարուայ ընթացքին, մեր մէջ մնայ առ յաւէտ. ու դառնայ  եղբայրօգնութեան ներշնչում ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.